ԵՐԵՒԱՆ - Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը ճշդած է Յունիս 26ին Սպանիոյ մէջ ձերբակալուած Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւն ու անոնց դէմ ներկայացուած մեղադրանքները. Յունիս 27ին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան՝ ի պատասխան <<Հետք>>ի հարցումին։
Յիշեցնենք, որ Սպանիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ ոստիկանութեան ձեռնարկած յատուկ գործողութեան մը ծիրէն ներս ձերբակալուած են 142 անձեր, որոնք ըստ սպանական թերթերու՝ Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ անդամ են «հայկական մաֆիա»ին:
Կասկածներ կան, որ ձերբակալեալները թմրանիւթերու եւ զէնքի ապօրինի առեւտուրով կը զբաղէին, ինչպէս նաեւ գումարներ «լուալու» եւ շարք մը այլ ապօրինի գործունէութիւններ կը մշակէին:

