Կը Ծրագրուի Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

By Asbarez | Sunday, 08 July 2018

ԵՐԵՒԱՆ - ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Իկոր Փոփով ատրպեճանական <<Էյ. Փի. Էյ.>> լրատուակաթն գործակալութեան յայտնեց, որ յառաջիկային կը ծրագրուի հանդիպում մը իրականացնել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:

<<Նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցի զգայունութիւնը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները կը խուսափին այս նիւթով որեւէ հրապարակային յայտարարութիւններէ: Եռեակը համապատասխան յայտարարութիւն պիտի հրապարակէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրուող հանդիպումէն ետք: Մենք կ՛ակնկալենք, որ հանդիպման ժամկէտները յառաջիկային հրապարակուին>>, ըսաւ Փոփով:

 


comments