ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի անոր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Յուլիս 11ին, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումը պիտի կայանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ։
Նշենք, որ այս մէկը պիտի ըլլայ Մնացականեան-Մամետեարով առաջին պաշտօնական հանդիպումը: