By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիանի հետ Երկուշաբթի, 9 Յուլսին քննարկեց հայ-իրանեան տնտեսական կապերու ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
<<Հայաստանը պատրաստ է բարեկամ Իրանի հետ սերտ համագործակցութեան: Մենք մեր բոլոր գործընկերների հետ կարեւորում ենք փոխադարձ շահերի հիման վրայ երկխօսութիւնը եւ համոզուած ենք, որ հէնց այս սկզբունքի ներքոյ էլ կը շարունակեն զարգանալ հայ-իրանական յարաբերութիւնները>>, ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով առեւտրատնտեսական ծաւալները աւելցնելու ուղղութեամբ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռեզա Արտաքանիան վարչապետին փոխանցեց Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի ուղերձը եւ Իրան այցելելու հրաւէրը: Իրանի ուժանիւթի նախարարը գործարար կապերու ամրապնդման հարցին գծով հեռանկարային նկատեց ազատ տնտեսական գօտիներու ծիրին մէջ համագործակցութիւն եւ ներդրումներու ներգրաւումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ