Տնտեսութեան Նախարար Արծուիկ Մինասեան Կը Հանդիպի Ֆլայ Եունայթըտ-ի Հիմնադիրներուն Հետ

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

0714flyunited

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Ուրբաթ, 13 Յուլիսին հանդիպեցաւ չեխական <<Ֆլայ Եունայթըտ>> (Fly United) ընկերութեան հիմնադիրներ Եան Սթիլեցի եւ Եւա Ստիլցովայի հետ:

Ընկերութիւնը զբօսաշրջութեան ծառայութիւններ կը մատուցէ՝ համատեղելով պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւններու, անհատներու հետ աշխատանքը գործարար եւ հանգիստի ոլորտներուն մէջ:

Եան Սթիլեց ներկայացուց շուրջ 25ամեայ ընկերութեան փորձառութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ փորձառութիւնը հայաստանեան մասնագէտներու փոխանցելու: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ արդէն մտադրութիւն ունին Հայաստանի մէջ <<Ֆլայ Եունայթըտ>>ի գրասենեակ բանալու:

Նախարարը ողջունեց Հայաստանի նկատմամբ չեխ գործարարներու հետաքրքրութիւնը, ներկայացուց գործարար ոլորտին եւ ներդրումային ծրագիրներուն առընչուող կառավարութեան քաղաքականութիւնը:

Նախարարնի հետ հանդիպումէն ետք չեխ գործարարները առաւել մանրամասն հարցեր քննարկեցին Զբօսաշրջութեան կոմիտէի եւ <<Բիզնես Արմէնիա>>ի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարար Արծուիկ Մինասեան նոյն օրը շարք մը այլ հանդիպումներ ունեցաւ օտարերկրեայ գործարարներու հետ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու հնարաւորութեամբ:

Նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ եգիպտական <<Էլ Սըուէտի Միթըրզ>> (El Sewedy Meters) խումբի զարգացման գծով տնօրէն Լէոն Տէր Յակոբեանի, նոյն խումբի չեխական գործընկեր <<Զի.Փի.Էյ. Սմարթ Էնըրճի>> (ZPA Smart Energy) ընկերութեան տարածաշրջանային վաճառքի տնօրէն Եան Սլաւիքի, ապա՝ աւստրիական <<Սթրապեկ>> (Strabag) ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն մասնակցեցան նախարարի տեղակալները, նախարարութեան եւ <<Բիզնես Արմէնիա>>ի պատասխանատու այլ անձեր:

 

comments

Advertisement