Հայաստանէն Առաւել Քան 30 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն Տրամադրուած Է Սուրիոյ

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

0714aidsyria

<<Արմէնփրէս>>ը, վկայակոչելով ռուսական <<Առաջին Ալիք>>ը՝ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող Հմէյմիմ ռուսական ռազմակայանին մէջ, 12 Յուլիսին վայրէջք կատարեց Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան օդանաւը, որուն միջոցաւ Հայաստանէն ուղարկուած է առաւել քան 30 թոն մարդասիրական օգնութիւն, յատկապէս բրինձ, ձաւար եւ ձէթ:

Այդ օգնութիւնը պիտի տրամադրուի այն փախստականներուն, որոնք կը վերադառնան ազատագրուած քաղաքներ եւ գիւղեր: Օգնութենէն մաս մը պիտի տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ հեռաւոր շրջաններուն:

Յառաջիկային կը սպասուին նաեւ քանի մը թռիչքներ, ընդհանուր առմամբ, Սուրիա պիտի հասնին 100 թոն մթերք եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ:

 

comments

Advertisement