ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Նախագահը Կը Հանդիպի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

0714nigol-haitad

ՊՐԻՒՔՍԷԼ - ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի Եւրոպական Միութեան հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Այինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Կարապետեան դարձեալ շնորհաւորեց Փաշինեանին վարչապետ ընտրուիլը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու սերտացման, նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու աշխատանքներուն:


comments

Advertisement