Չաւուշօղլու Նիկոլ Փաշինեանը Շնորհաւորեց Վարչապետ Ընտրուելուն Առիթով

By Asbarez | Monday, 16 July 2018

0714chavushoghlou

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած կարճ զրոյցին մասին:

<<Այսպիսի միջադէպ մը տեղի ունեցաւ. երբ մենք նստած էինք պատուիրակութիւններու սրահին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը սրընթաց անցաւ, յետոյ վերադաձաւ եւ մօտեցաւ սկիզբը արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեանին, որուն ծանօթ էր Եւրոխորհուրդի մէջ համատեղ աշխատանքի ժամանակ: Յետոյ նաեւ ծանօթացաւ ինծի եւ ըսաւ, որ իրենք կը հետեւէին հայաստանեան գործընթացներուն եւ տեղեկացուած են>>, պատմեց ան:

Չաւուշօղլու նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է վարչապետ ընտրուելուն առիթով եւ հեռացած։ <<Բացի ասկէ, որեւէ շփում կամ կապ չեղաւ>>, ըսաւ Հայաստանի վարչապետը:

 

comments

Advertisement