By Asbarez | Monday, 16 November 2009
ՊԱՔՈՒ.- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին համար իրական թեկնածուներու շարքին մէջ առաջինը կը նշուի վերջերս ստեղծուած ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քեարամ Մուսթաֆաեւին անունը, ըստ ատրպեճանական <<Ազադլիգ>>ին, յայտնի դարձած է, որ ՆԱԹՕի հետ մերձեցումէն անհանգստացած՝ Ռուսիան որոշակի քայլեր կը ձեռնարկէ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ իր մարդը տեսնելու ուղղութեամբ:
Նոյն աղբիւրին տուած տեղեկութիւններով, Ատրպէյճանի պետական շրջանակներուն մէջ ընդգրկուած ռուսամէտ պաշտօնեաները պետութեան ղեկավար Իլհամ Ալիեւին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնի թեկնածու առաջադրած են ներկայիս Ռուսիոյ բանակներէն մէկուն փոխհրամանատարի պաշտօնը զբաղեցնող, հրամանատար Պաղըր Յուսիֆ օղլու Ֆաթուլլաեւը, որ Ռուսիոյ բարձրագոյն շտապային ակադեմիան աւարտած երկու ատրպէյճանցի սպաներէն մէկն է:
Պ. Ֆաթուլլաեւին թեկնածութիւնը միանշանակ չէ ընդունուած պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, որուն դէմ է նաեւ իրեն մրցակից ՊՆ գլխաւոր շտապի պետ Նաճմըտտին Սատըգովը, որ <<Ազադլիգ>>ին յայտնած տեղեկութիւններով՝ նոր թեկնածուին ի յայտ գալէն յետոյ թեքուած է դէպի ՆԱԹՕ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ