Արցախ Այցելած Գերմանացի Պատգամաւորին Կ՛արգիլուի Ատրպէյճան Մտնել

By Asbarez | Monday, 27 August 2018


0822Vayler

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանական «Պիլտ» թերթին համաձայն՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ալպերթ Վայլերի մուտքը իրենց երկիր, որովհետեւ ան Արցախ այցելած է:

Վայլեր Հայաստանէն Արցախ այցելած էր 2014ին եւ 2016ին: Ատրպէյճան զայն յայտարարած է «անբաղձալի անձ» եւ իր երկիր մուտքի արգելքի որոշումը կայացուցած է ամենաբարձր մակարդակով, ուստի, Գերմանիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այս հարցով բանակցութիւնները ապարդիւն եղած են:

Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ալպերթ Վայլեր մաս պիտի կազմէր Կովկաս այցելող Մերքելի պատուիրակութեան:

Վայլեր մտահոգութիւն յայտնած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ նշելով. «Ատրպէյճան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավար երկիր: Ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած պատգամաւորի դէմ այդ գործողութիւնները ո՛չ մէկ կապ ունին ժողովրդավարութեան հետ»:

Պատասխանելով այս մասին հարցումներու՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ. «Այդ պատգամաւորը անօրինական այցելութիւն կատարած է Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ եւ անոր անունը արձանագրուած է անբաղձալի անձերու «սեւ ցանկ»ին վրայ: Նման անձեր Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ցուցաբերած անարգանքին համար ներողութիւն խնդրելէ ետք միայն կրնան ակնկալել, որ իրենց անունը վերցուի այդ ցանկէն»։

Յիշեցնենք, որ Վայլեր նաեւ կարեւոր դեր խաղցած էր Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն մէջ:

comments

Advertisement