Զախարովա՝ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Նախարարներուն Հանդիպման Հաւանականութեան Մասին

By Asbarez | Monday, 27 August 2018

0824zakh

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Օգոստոս 23ին տրուած իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հաւանական հանդիպման:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «ե՞րբ հաւանական է, որ Մոսկուայի մէջ հանդիպում կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին քննարկման ծիրին մէջ»՝ Զախարովա ըսաւ. «Եթէ հանդիպումներ ծրագրուին, մենք կը տեղեկացնենք այդ մասին: Մեր միջնորդական ջանքերը կը շարունակուին եւ մենք կապի մէջ ենք կողմերուն հետ, տարբեր մակարդակներու վրայ: Այժմ այսքան»:

Զախարովա նաեւ հաստատեց, թէ Օգոստոս 24ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ պիտի ընդունի իր թուրք պաշտօնակիցին այցելութիւնը, քննելեու համար գլխաւորաբար սուրիական հակամարտութեան վերաբերող հարցեր։

comments

Advertisement