Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Նպաստել Արցախի Տագնապի Լուծման. Փութին

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0905putin azr

ՍՈՉԻ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Սոչիի մէջ անցեալ շաբաթ իր ունեցած բանակցութիւններուն աւարտին յայտարարեց, թէ Ռուսիա մտադիր է շարունակել իր ջանքերը՝ ի նպաստ Արցախի տագնապի լուծման։

«Մենք փոխանակեցինք միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերող կարծիքներ: Մասնաւորապէս, ի հարկէ, անդրադարձանք ղարաբաղեան հիմնախնդիրին: Իբրեւ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ Ռուսիան պիտի շարունակէ ըստ կարելւոյն նպաստել այդ տագնապի խաղաղ լուծման», ըսաւ Փութին:

Ան նաեւ ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիեւի այցելութեան համար: «Մենք ունինք շատ սերտ գործակցութիւն, զոր կ՛անուանենք ռազմավարական գործընկերութիւն: Յարաբերութիւնները կը զարգանան թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մակարդակներու վրայ», ըսաւ Փութին:

Իր կարգին, Ալիեւ ըսաւ, որ Ռուսիան Ատրպէյճանի դրացին է, պատմական գործընկերն ու բարեկամը. ան յոյս յայտնեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ այս տագնապին լուծման հասնելու համար:

Ալիեւ նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճան աւելի քան 5 միլիառ տոլարի զէնք գնած է Ռուսիայէն, եւ այդ համագործակցութիւնը աճի միտում ունի, որովհետեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ զինուորական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ հետագայ համագործակցութեան հարցեր: Ապա, ան Փութինը հրաւիրեց Ատրպէյճան:

Բանակցութիւններու հիման վրայ, Փութինն ու Ալիեւը կատարեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ նշելով երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները: Պաքու եւ Մոսկուա համագործակցութեան 10 համաձայնագիր ստորագրեցին, ներառեալ՝ ուժանիւթի ոլորտին կապակցութեամբ: Մասնաւորապէս, «Ռոսնեւթ» ռուսական ուժանիւթի հսկան եւ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը միասնաբար պիտի հետազօտեն Կասպիցի քարիւղի ու կազի պաշարները՝ Ափշերոն թերակղզիէն դէպի հիւսիս ինկած հատուածին մէջ:

Փութին իբրեւ ամէնէն աւելի հեռանկարային նախագիծերէն մէկը առանձնացուց «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրական միջանցքի ստեղծումը, որ արեւմտաեւրոպական շուկան պիտի կապէ ասիականին եւ պիտի արագացնէ Իրանի միջոցով բեռներու փոխադրութիւնը Հարաւային Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա:

comments

Advertisement