Ռուսիա Ոգեւորութեամբ Կը Հետեւի Ատրպէյճանի Հետ Յարաբերութեանց Զարգացման. Զախարովա

By Asbarez | Monday, 10 September 2018

0908rus azr

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Սեպտեմբեր 7ին անդրադարձած է ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն՝ յայտնելով, որ Մոսկուա ոգեւորութեամբ կը հետեւի Պաքուի հետ իր յարաբերութիւններու զարգացման:

Զախարովա ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ բազմաբեւեռ համագործակցութիւնը կը զարգանայ՝ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կառավարութեանց միջեւ կնքուած համաձայնագիրներուն հիման վրայ:

Խօսնակը աւելցուցած է, որ ներկայիս ի զօրու են համագործակցութեան 17 համաձայնագիրներ, եւ աշխատանքները կը շարունակուին նորերը կնքելու համար:

«Ատրպէյճանի հետ կապերու արդիւնաւէտութեան մասին կը վկայեն հետեւեալ փաստերը. Պաքուի մէջ բացուած են Տաղստանի, Թաթարստանի, ինչպէս նաեւ «Պաշքիրիա», «Փերմի», «Փուլքով», «Սամարա», «Ուրալ» օդանաւային ընկերութեանց եւ շարք մը այլ ռուսական ձեռնարկութեանց ներկայացուցչութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ «Ուրալ» եւ «Թաթարստան» առեւտուրի կեդրոնները», ըսած է ան:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր 7ին հաղորդուեցաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ամսուան վերջաւորութեան Ատրպէյճան պիտի այցելէ:

comments

Advertisement