Օրհան Փամուք Կը Խուսափի Ցեղասպանութեան Մասին Հարցումէն

By Asbarez | Monday, 16 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Նիւ Եորքի Քուինզ Քոլէճին մէջ, Նոյեմբեր 10ին Օրհան Փամուքի <<Անմեղութեան թանգարան>> գիրքի ներկայացման ընթացքին գրողին ուղղուած՝ Ցեղասպանութեան թեմայէն խուսափելու մասին հարցը անակնկալի բերած է Նոպէլեան մրցանակակիր հեղինակը:

Ըստ հարցի հեղինակ՝ Սորպոնի համալսարանի դոկտոր, նիւեորքաբնակ Հայկ Մարտիրոսեանը, Օ. Փամուքին յիշեցուցած է, որ վերջինս հանգուցեալ Հրանդ Տինքի հետ առաջիններէն էր Թուրքիոյ մէջ, որ քաջութիւն ունեցաւ խօսելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ <<դրանով ինչ-որ առումով մեկնարկը տալու Թուրքիայի որոշակի արդիականացմանը>>:

<<Սակայն վերջերս կարծես թէ մի տեսակ կրաւորական դիրք էք ընդունել այդ հարցում: Յամենայնդէպս, կարծիք կայ, որ խուսափում էք այլեւս այս թեմային անդրադառնալուց: Արդեօ՞ք դա արդիւնք է Ձեր հանդէպ նախկինում կիրառուած քրէական հետապնդման, կամ գուցէ Ձեր լռութիւնն այլ հանգամանքներո՞վ է պայմանաւորուած>>, հարցուցած է Հ. Մարտիրոսեանը:

Փամուք, անակնկալի գալով՝ առանց <<ցեղասպանութիւն>> բառը արտաբերելու, ջղայնացած պատասխանած է. <<Ատիկա ինծի համար նախեւառաջ խօսքի ազատութեան խնդիր էր, եւ յետոյ՝ անիկա իմ կեանքի միակ թեման չէ: Առաւել կարեւոր խնդիրներ կան: Բացի այդ՝ այս թեմաները պէտք է քննարկուին նախեւառաջ թուրք ժողովուրդին կողմէ>>:

Հարցէն գրեթէ անմիջապէս յետոյ գրողը աւարտած է հանդիպումը ու անտեսելով ըստ ամերիկեան աւանդոյթին՝ մակագրութեան համար միջանցքին մէջ գիրքերով իրեն սպասող ընթերցողներու խումբը՝ արագ հեռացած է:

comments

Advertisement