Վանայ Լիճը 25 Տարիէն Կրնայ Ճահճանալ. Թուրք Բնապահպան

By Asbarez | Friday, 14 September 2018

0913vana-lij

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Վանայ լիճին բնապահպանական իսկակա՛ն աղէտ կը սպառնայ. լիճը, որուն մէջ ամէն վայրկեան 1800 թոն կոյուղիի ջուր կը լեցուի, կրնայ 25 տարիէն ճահիճի մը վերածուիլ. այս մասին ահազանգած է թուրք բնապահպան Ալի Քալչըք։

Վկայակոչելով թրքական «Կազեթատուվար» լրատուական կայքը՝ «Թերթ»ը կը գրէ, որ, ըստ բնապահպանին՝ եթէ իշխանութիւնները որեւէ արտակարգ միջոցի չձեռնարկեն, Վանայ լիճը բնապահպանական մեծ աղէտի պիտի ենթարկուի:

Քալչըք նաեւ յայտնած է, որ բնապահպանական խնդիրներու պատճառով, ամէն տարի լիճին մէջ կը սատկին հազարաւոր ձուկեր, ներառեալ նաեւ՝ Վանայ տառեխը, որ կը բազմանայ միայն Վանայ լիճի ջուրերուն մէջ:

Թրքական լրատուամիջոցին հետ զրոյցին ընթացքին, նոյն բնապահպանը նշած է, որ լիճին ջուրը կը պղտորի ոչ միայն կոյուղիի ջուրերու, այլեւ անոր մօտ գործող ջրաելեկտարակայաններու եւ տեղւոյն բնակիչներու ու զբօսաշրջիկներու ձգած աղբակոյտերուն պատճառով, որոնք յաճախ չեն հաւաքուիր:

comments

Advertisement