Ատրպէյճան Կը Փափաքի Իսրայէլէն Յաւելեալ Զէնքեր Գնել

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

0918isra azr

ՊԱՔՈՒ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման Ատրպէյճան այցելած էր՝ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժային նախարարութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպելու:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, թէ Ատրպէյճան այդ հազուագիւտ իսլամական երկիրներէն է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ երկար տարիներէ ի վեր իսրայէլեան զէնքեր կը գնէ: Փորձագէտներու կարծիքով՝ այս այցելութիւնը եւս կապ ունէր այդպիսի գործակցութեան մը սերտացման հետ:

«Ատրպէյճան չի ծածկեր այն իրողութիւնը, որ իսրայէլեան արտադրութիւնները նախապէս մեծապէս օգտակար եղած են իրեն: Ինչպէս օրինակ, 2016ին, Ատրպէյճան օգտագործած էր իսրայէլեան ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք հայկական կողմը դժուարութիւններու մատնած էին», ըսած է ատրպէյճանցի զինուորական փորձագէտ Ուզէյր Զաֆարով: Անոր համաձայն՝ իրենք զիրենք արդարացուցած են նաեւ «Սփայք» հակահրասայլային հրթիռները:

Փորձագէտին կարծիքով՝ Լիպերմանի այցելութեան ծիրին մէջ նոր որոշումներ որդեգրուած են զէնք-զինամթերքի գծով, սակայն, անոնց մասին կարելի պիտի ըլլայ իմանալ միայն այս տարեվերջին, երբ երկիրը ՄԱԿի մէջ հաշուետուութիւն ներկայացնէ գնուած եւ վաճառուած զինուորական արտադրանքին մասին:

Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, իր կարգին կը հաղորդէ, թէ Պաքուի մէջ Լիպերմանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հանդիպումէն ետք՝ Լիպերման բարձր գնահատած է երկու ժողովուրդներուն միջեւ պատմական կապերը եւ գոհունակութիւն յայտնած է երկիրներուն միջեւ ներկայ համագործակցութեան մակարդակին մասին, իսկ Հասանով ըսած է, թէ Ատրպէյճան կը փափաքի Իսրայէլէն յաւելեալ զէնքեր գնել, սակայն՝ առանց մանրամասնելու։

comments

Advertisement