Մինչեւ Արցախի Հարցը Չլուծուի՝ Հայաստանի Հետ Կապեր Չեն Կրնար Հաստատուիլ. Էրտողան

By Asbarez | Sunday, 23 September 2018

0918trk azr

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռոչեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 100ամեակի արարողութեանց ու ելոյթ մը ունենալով՝ շատ խիստ խօսեցաւ Հայաստանի հասցէին. ան վերջնագիր ներկայացուց՝ յայտարարելով, թէ այնքան ատեն, որ Արցախի հարցը չէ գտած իր լուծումը, բնականոն յարաբերութիւններ չեն կրնար հաստատուիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

«Ղարաբաղի հարցին լուծումը մեր յարաբերութիւններու հիմնական նախապայմանն է, առանց որուն՝ յարաբերութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Մեզի չեն կրնար պատմութեան դաս տալ անոնք, որոնք 25 տարի առաջ Խոջալուի մէջ ցեղասպանութիւն գործադրեցին, իսկ յետոյ հերոս հռչակուեցան», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Թուրքիա ու Ատրպէյճան «եղբայր պետութիւններ» են, եւ Թուրքիան Ատրպէյճանի ուրախութիւնները ու մտահոգութիւնները կը բաժնէ։ «Քանի որ Ղարաբաղի հարցը Ատրպէյճանի գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է, այստեղէն պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները չեն կրնար իրենց բնականոն հունը մտնել՝ այնքան ատեն որ այս հարցին լուծում չէ գտնուած», եզրակացուց Էրտողան, միաժամանակ խոստանալով սերտացնել Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները եւ միշտ նեցուկ կանգնիլ անոր։

Պաքուէն Անգարա ճամբուն վրայ, Էրտողան լրագրողներուն յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները ընտրած են Արցախի տագնապին կարգաւորումը ձգձգելու մարտավարութիւնը:

«Ա՛յս է իրականութիւնը: Միջնորդները զգայնութիւն չեն ցուցաբերեր: Այդ պատճառով ալ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը ձգձգուի 1992էն ի վեր», ըսաւ Էրտողան:

comments

Advertisement