By Asbarez | Wednesday, 03 October 2018
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Սեպտեմբեր 28ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին Սեպտեմբեր 25-27ի միջեւ եւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իրենց եւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի ունեցած անջատ եւ համատեղ հանդիպումներուն վերաբերեալ։
Յայտնելէ ետք, թէ իրենք հանդիպումներ ունեցած են նաեւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու տեղակալին եւ ԵԱՀԿի մօտ իտալական նախագահութեան ներկայացուցիչին հետ՝ համանախագահները շեշտեցին Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը։
Անոնք յայտարարութեան մէջ նոյն ժամանակ կը յայտնեն, թէ իրենք նախազգուշացած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ լարուածութեան վտանգին մասին։
Համանախագահները կը նշեն, թէ նախարարներուն հետ քննարկած են տարածաշրջանի իրավիճակը եւ վերջերս «անհանգստութիւն յառաջացնող շարք մը միջադէպերն ու յայտարարութիւնները»:
Համանախագահները խորը ափսոսանք կը յայտնեն սահմանին վրայ շարունակուող զոհերուն վերաբերեալ՝ կոչ ընելով կողմերուն, որ կառուցողական կերպով մասնակցին դրական մթնոլորտի ձեւաւորման ջանքերուն եւ խուսափին այնպիսի հռետորաբանութենէ, որ կրնայ աւելիով լարել իրավիճակը:
Համանախագահները դարձեալ կ՛ընդգծեն, որ տագնապին համապարփակ կարգաւորումը կը պահանջէ փոխզիջումներ բոլոր կողմերէն, որոշելով անգամ մը եւս հանդիպիլ մինչեւ տարեվերջ:
Համանախագահները կը նախատեսեն տարածաշրջան այցելել մօտիկ ապագային, որմէ ետք բանակցութիւններուն մասին պիտի տեղեկացնեն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ անոր մնայուն խորհուրդին:
comments
Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Յայտարարելով Մաքրոն Կատարեց Իր Խոստումը. Փարիզ
Մաքրոն Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Յայտարարեց
Պէտք Է Բացառուին Արցախի Հարցի Կարգաւորման Ուժային Ընտրանքները. Մոսկուա
Մոսկուա Իր Քաղաքացիներուն Նկատմամբ Խտրական Վերաբերմունքին Մասին Գրութիւն Յղեց Ատրպէյճանի Դեսպանատուն
Պաքու Գրգռիչ Կը Նկատէ Զախարովայի Քննադատութիւնը
Ատրպէյճանի 2019ի Ռազմական Ամավարկը՝ 1.782 Միլիառ Տոլար
Չաւուշօղլու. Անգարա Միշտ Նկատի Պիտի Առնէ Պաքուի Զգայնութիւնները