Զախարովա Հայաստանի Ներքին Հարցերուն Միջամտելու Յանցանքով Կ՛ամբաստանէ Ամերիկայի Դեսպանը

By Asbarez | Monday, 22 October 2018

1019zakh

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ իր պաշտօնավարութիւնը աւարտած Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի վերջին գնահատականները, զանոնք որակելով Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն:

Հոկտեմբեր 17ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Զախարովա անդրադարձաւ յատկապէս Միլզի այն յայտարարութեան՝ ըստ որուն, ամերիկեան դեսպանատունը տասնամեակներ շարունակ աջակցած է շարք մը խումբերու եւ Հայաստանի կառավարութեան շարք մը ներկայացուցիչներու:

«Ինքնիշխան պետութեան ներքին գործերուն միջամտութեան մասին դեսպանը խօսած է առանց քաշուելու, աւելին՝ հպարտութեամբ: Ան փորձած է այն տպաւորութիւնը ձգել, որ այդ բոլորը արդարացուած են եւ կատարուած են բարի նպատակներու համար՝ Հայաստանը դարձնելու աւելի արդար ու թափանցիկ», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով. «Պահ մը դեսպանը հասկցաւ, որ սխալ ընթացքի մէջ է եւ շտկեց խօսքը՝ նշելով, որ տեղի ունեցած վերջին քաղաքական փոփոխութիւնները պայմանաւորուած էին ներքին պատճառներով: Դեսպանը խօսած էր նաեւ հայ ժողովուրդի անբեկանելի կամքին եւ փոփոխութիւններուն մասին: Սակայն արդարանալը ուշ էր, որովհետեւ առաջին մասը արդէն ըսուած էր»։

Զախարովա մեկնաբանեց նաեւ Միլզի այն մտահոգութիւնը՝ ըստ որուն, «Հայաստանի կառավարութեան մէջ ոմանք անհրաժեշտ կը համարեն սահմանափակ միջոցները կեդրոնացնել բարձր արհեստագիտութեան մարզին, մինչ երկիրը շահ կ՛ապահովէ գինեգործութեան, զբօսաշրջութեան կամ հանքարդիւնաբերութեան մարզերէն»:

«Եկէք որոշենք, թէ այլ երկրներու գործերուն միջամտութիւնը լաւ է, թէ վատ», արձագանգեց Զախարովա:

comments

Advertisement