Նախիջեւանի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Տեղի Կ՛ունենան

By Asbarez | Friday, 02 November 2018

1101nakhichevan

 

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Հոկտեմբեր 30ին, Նախիջեւանի բանակի միաւորումները եւ Ատրպէյճանի բանակի յատուկ նշանակութեան զօրքերը լայնածաւալ ռազմափորձեր կատարեցին, մասնակցութեամբ օդուժին։

Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վասիֆ Թալըպով եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հետեւած են զօրավարժութիւններուն ընթացքին:

Նշուած է, որ զօրավարժութիւններուն նպատակը կը հանդիսանայ Նախիջեւանի ուժային կառոյցներու կառավարման մարմիններուն կողմէ՝ յատուկ գործողութեանց համակարգման բարելաւումը, իսկ պաշտպանութեան տեսակէտէն՝ «հակառակորդի հետախուզական խումբերու յայտնաբերման, մեկուսացման եւ ոչնչացման հասնիլը»:

comments

Advertisement