Ռուսիա Հրաժարեցաւ Ատրպէյճանին Հրթիռային Համալիր Վաճառելէ՝ Իր Ապահովութեան Ու Արցախի Տագնապին Պատճառով

By Asbarez | Saturday, 08 December 2018


1207rus azr

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 5 Դեկտեմբերին, ռուսական «Քոմերսանթ» թերթը գրեց, թէ Ռուսիա հրաժարեցաւ Ատրպէյճանին «Պալ-Է» առափնեայ հրթիռային համալիրներ վաճառելու որոշումէն, բացատրելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ատրպէյճանէն հաւանական վտանգին հետեւանքով հասած է այդ որոշումին։

Նախարարութեան եզրակացութեամբ՝ այդ զինատեսակի նոյնիսկ արտածման համար նախատեսուած տարբերակը կրնար սպառնալիք ըլլալ Ռուսիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ  գտնուող Կասպեան նաւատորմին համար:

Հակառակորդի նաւերը ցամաքէն հարուածելու համար նախատեսուած այդ համալիրով Պաքու սկսած էր հետաքրքրուիլ առնուազն չորս տարի առաջ՝ Կասպից ծովու իր հատուածին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով:

Ըստ «Քոմերսանթ»ի աղբիւրներուն՝ Մոսկուա եւ Պաքու նոյնիսկ ստորագրած էին անոնց մատակարարման համաձայնագիրի նախնական օրինակը, սակայն փաստաթուղթին վերջնական տարբերականը չէ ստորագրուած, որովհետեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան փորձագէտները առարկած են՝ զգուշացնելով, որ համալիրները կրնան օգտագործուիլ ռուսական նաւերու դէմ:

«Մեր ներկայացուցած փաստերուն հետ վիճիլը անիմաստ էր եւ այդ իսկ պատճառով, նախնական համաձայնագիրը բանակցութիւններէն դուրս հանուեցաւ», ըսաւ նախարարութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը:

Թերթին աղբիւրները նոյն ժամանակ ընդունեցին, որ այս որոշումին մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցած է նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը։

«Հոս շատ նուրբ աշխարհաքաղաքական հարց կայ», ըսաւ աղբիւրը՝ մանրամասնելով, որ համալիրին օգտագործած որոշ հրթիռները, որոնք ունակ են խոցելու հակառակորդի թիրախները մինչեւ 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, արդիականացուած են եւ կրնան օգտագործուիլ ոչ միայն ջուրի, այլ նաեւ ցամաքի վրայ գտնուող թիրախներու դէմ:

«Մենք չէինք փափաքիր, որ այս զէնքը գործածուէր ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ», շեշտեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ ուզած էր անանուն մնալ:

Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ այս որոշումը պէտք չէ հարցեր յառաջացնէ Պաքու-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ:

«Վերջին տարիներուն Պաքու առաւել քան 5 միլիառ տոլարի ռուսական զէնք եւ զինամթերք գնած է», յիշեցուց «Քոմերսանթ»ը, աւելցնելով, որ վերջերս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, որ «ռազմաարհեստագիտական ոլորտին մէջ ռուս-ատրպէյճանական համագործակցութիւնը խոր աւանդոյթներ եւ աճի միտումներ ունի»:

Օրաթերթը դիմած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ խնդրելով մեկնաբանել Պաքուի հետ գործարքը տապալելու մասին այս տեղեկութիւնները, սակայն նախարարութիւնը չէ արձագանգած դիմումին: Ռուսիոյ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութիւնը եւս խուսափած է մեկնաբանութիւններէ:

Լուռ է նաեւ պաշտօնական Պաքուն, հակառակ անոր, որ ատրպէյճանական շարք մը թերթեր արտատպած են վերոնշեալ յօդուածը։

comments

Advertisement