By Asbarez | Thursday, 20 December 2018

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Միլանի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը՝ 18 Դեկտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կրցած են որոշ փոխըմբռնման գալ Արցախի հակամարտութեան գծով։
Մամետեարով այս հաստատումը կատարեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երկրին դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին:
«Մենք պիտի փնտռենք հակամարտութեան լուծման ուղիներ, իսկ Ատրպէյճան կողմ է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման», աւելցուց Մամետեարով՝ նշելով, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հանդիպում մը եւս պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ:
Մամտեարով նաեւ շեշտեց, որ Արցախի տագնապին լուծումը 2019ին պիտի շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցը:
«Հիմնական նպատակն է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու։ Այս, կը կարծեմ, ոչ միայն իմ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ատրպէյճանցիի երազն է», եզրակացուց Մամետեարով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ