Բակօ Սահակեան Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը Եւ Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

By Asbarez | Wednesday, 30 January 2019

0126hagoppako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Յունուարին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:

Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուելնուն համար, նաեւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք:

Բակօ Սահակեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Դաշնակցութիւնը ասկէ ետք եւս իր ուշադրութեան յատուկ առարկան կը շարունակէ պահել Արցախը՝ գործօն մասնակցութիւն ունենալով հանրապետութեան զարգացման եւ հզօրացման գործին մէջ:

Հանդիպումին ներկայ եղաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Հանդիպումէն ետք, «Արցախփրէս»ը զրուցեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Խօսելով ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ կատարելուն մասին՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ անիկա ինքնին ունի պատմական  առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում:

0126hagopderkhachadourian

Ըստ Տէր Խաչատուրեանի՝ Դաշնակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ:

«Արցախի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք ՀՅԴ անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կը վստահեցնեմ, որ մեր համագործակցութիւնը, առաջադրած ծրագիրները միշտ ալ պիտի ըլլան Արցախի իշխանութիւններուն համահունչ: Արցախը, ըստ պատշաճի, կարեւոր շրջափուլ կը մտնէ 2020ի ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար: Մենք կը փափաքինք, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի կառոյցով եւ համահայկական ուժերով զօրավիգ կանգնի Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ուղղութիւններուն: Այս ժողովով մեր համահայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներով՝ անգամ մը եւս հաստատեցինք, որ մենք պիտի պայքարինք Արցախի ինքնորոշման եւ  ժողովուրդի  տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ Արցախը համայն հայութեան կը պատկանի», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

comments

Advertisement