By Asbarez | Friday, 01 February 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ զրոյցին ընթացքին ողջունած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ու երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումներու պարբերականութիւնը:
Քարասին այս մասին արտայայտուած է Յունուար 30ին, Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին։
Աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Քարասին մաղթած է, որ այս հանդիպումները կը շարունակուին նոյն թափով, աւելցնելով. «Այս ուղղութեամբ կ՛աշխատին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու եռեակը (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա): Նոր հանդիպումներ պիտի կայանան եւ այդ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան տարբեր մակարդակներով՝ արտաքին գործոց նախարարներու եւ պետութիւններու ղեկավարներու, բայց կարեւոր է, որ անոնք լաւապէս պատրաստուած ըլլան, որպէսզի յառաջխաղացք ապահովեն»:
«Գոհունակութեամբ կը նշենք, որ վերջին ամիսներու հանգստութիւնը ու համեմատաբար կանխատեսելիութիւնը դարձած է սովորական: Այս հարցի գծով միջազգային հանրութեան ու բոլոր երկիրներու մօտ կայ համախոհութիւն, թէ պէտք է բացառուին հակամարտութեան կարգաւորման ուժային ընտրանքները: Բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան հանգիստ եւ փոխադարձ յարգանքի պայմաններուն մէջ», նշեց ան:
Քարասին բացառեց, որ այս տարուան ընթացքին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը զգալի յառաջխաղացք կրնայ արձանագրել:
«Բոլորս կը փափաքէինք, որ այս խնդրի կարգաւորումը կարելիին չափ արագ տեղի ունենար, բայց պէտք է իրատես ըլլալ, եւ հիմնուիլ այն բանակցութիւններու վրայ, որոնք տեղի կ՛ունենան երկու երկիրներուն միջեւ, միջազգային հանրութեան եւ առաջին հերթին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ», աւելցուց Քարասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ