Ազգայնամոլ Զինեալ Մը 49 Իսլամներ Սպաննեց Նիւ Զելանտայի Մէջ

By Asbarez | Sunday, 17 March 2019


0316nz2

ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԶԻՆԵԱԼԻՆ ԶԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ

 

ՔՐԱՅՍԹՉԸՐՉ, Նիւ Զելանտա.- Նիւ Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ գտնուող երկու մզկիթներուն մէջ, Ուրբաթ, 15 Մարտին տեղի ունեցած զինեալ յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք՝ սպիտակամորթ ազգայնմոլ մը, որ ծանօթ է ներգաղթողներու դէմ իր ատելավառ կեցուածքներով, սպաննեց առնուազն 49 հոգի եւ ծանրօրէն վիրաւորեց 20 ուրշիներ։

Իր ոճիրները համացանցի միջոցաւ ուղղակի սփռած մարդասպանը ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, որ երեք այլ կասկածելիներ եւս ձերբակալեց, սակայն աւելի ուշ ազատ արձակեց անոնցմէ մէկը։

Կը կարծուի, որ 28 տարեկան ոճրագործը զաւակն է սկովտիացի ընտանիքի մը եւ ծնած է Աւստրալիոյ մէջ։ Ան համացանցին վրայ հրապարակած երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ տեղ յատկացուցած էր նաեւ թուրքերուն՝ գրելով հետեւեալը. «Ձեր հողերուն վրայ կրնաք ապրիլ։ Ձեզի վնաս պիտի չգայ Վոսփորի Արեւելեան կողմը։ Բայց եթէ փորձէք ապրիլ Վոսփորի արեւմուտքի կողմը, եթէ Եւրոպա հասնիք, մենք պիտի սպաննենք ձեզ։ Կոստանդնուպոլիս պիտի գանք, բոլոր մզկիթները պիտի քանդենք եւ Այա Սոֆիան մինարէներէն պիտի փրկուի, իսկ  Կոստանդնուպոլիսը դարձեալ Քրիստոնեայ քաղաք պիտի դառնայ»։

0316NZ3

Յատկանշական է, որ ահաբեկիչին ձեռքը գտնուող զէնքին վրայ այլ լեզուներով գրութիւններու կողքին եղած է նաեւ հայերէնով՝ <<Սարիղամիշի ճակատամարտ>> գրութիւնը։ Վրացերէնով եւ ռուսերէնով միւս գրութիւնները եւս կապ ունին այնպիսի ճակատամարտերու հետ, որոնց ընթացքին քրիստոնէական ուժեր պարտութեան մատնած են իսլամները։

<<Արմէնփրէս>>ը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կապի մէջ է Նիւ Զելանտայի իշխանութիւններուն հետ։

Յիշեցնենք, որ Սարիղամիշի ճակատամարտը տեղի ունեցած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն միջեւ։ Դեկտեմբեր 1914ին սկսած ճակատամարտը աւարտած էր 17 Յունուար 1915ին, ռուսական կողմին յաղթանակով:


comments

Advertisement