Ահաբեկչական Յարձակումին Առիթով. Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Նոր Զելանտայի Կառավարիչ Փաթսի Ռետիին

By Aztag Daily | Sunday, 17 March 2019

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոր Զելանտայի կառավարիչ Փաթսի Ռետիին` Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքի մզկիթներուն մէջ  տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ  զոհեր խլած է:

<<Դատապարտելով ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում` այս ծանր պահուն կը կիսեմ ձեր եւ Նոր Զելանտայի ժողովուրդին վիշտը: Անկեղծ վշտակցութիւնս կը յայտնեմ զոհերու հարազատներուն` մաղթելով տոկունութիւն եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում>>, նշուած է հեռագիրին մէջ:

comments

Advertisement