Անգարա Կը Քննադատէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուած Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

By Asbarez | Wednesday, 10 April 2019

0410italy

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք», «Էրմենիհապեր».- 9 Ապրիլին, Իտալիոյ խորհրդարանին ներկայացուեցաւ երկրին կառավարութենէն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ պահանջող բանաձեւ մը, որմէ անմիջապէս ետք, Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Կայեանի կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր բողոքագիր մը յանձնուեցաւ անոր եւ Հռոմի իշխանութիւններէն պարզաբանումներ պահանջուեցաւ։

Կը նշուի, որ բանաձեւին կը զօրակցին համախոհական կառավարութեան անդամ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ պատգամաւորներ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ 1973ին ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովը 1915-1917ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ցեղասպանութիւն որակած է, ինչպէս նաեւ տրուած են նման որոշումներ՝ Եւրոպական Խորհրդարանի եւ շարք մը այլ երկիրներու խորհրդարաններու եւ կառավարութեանց կողմէ։ Նշուած է նաեւ Ֆրանսիս պապին այն յայտարարութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը համարէր 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

comments

Advertisement