Նեթանիահուի Դաշինքը Յաղթական՝ Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

By Asbarez | Thursday, 11 April 2019

0411isra

ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Պի.ՊԻ.Սի.».- 10 Ապրիլին հրապարակուեցան մէկ օր առաջ Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ կեդրոն-ձախակողմեան՝ «Կապոյտ եւ սպիտակ» դաշինքը, որուն ղեկավարը իսրայէլեան բանակի նախկին սպայակոյտի պետ Պենի Կանցն է, Քնեսեթին մէջ ապահոված է 35 աթոռ, իսկ ներկայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութիւնը՝ 35 աթոռ: Սակայն, Նեթանիահուի դաշնակից՝ ծայրայեղ աջակողմեան եւ աջակողմեան կուսակցութիւններուն ապահոված քուէներուն շնորհիւ, Նեթանիահու մեծ հաւանականութիւն ունի 5րդ անգամն ըլլալով վարչապետ դառնալու, 120 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ 65 երեսփոխաններու աջակցութեամբ։

Այս յաղթանակը չափազանց կարեւոր էր Նեթանիահուի համար, որ Իսրայէլի գլխաւոր դատախազին կողմէ կը հետաքննուի կաշառակերութեան յանցանքով։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ գործնականօրէն մասնակցած էր Նեթաիահուի վերընտրութիւնը ապահովելու ջանքերուն, Չորեքշաբթի օր հեռաձայնելով՝ անմիջապէս շնորհաւորեց անոր յաղթանակը։

comments

Advertisement