Թուրքիա Կը Դատապարտէ Ուաշինկթընի Հակաիրան Նոր Որոշումը

By Asbarez | Thursday, 11 April 2019

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր.- Անդրադառնալով Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն նկատելու Ուաշինկթընի որոշումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ միակողմանի պատժամիջոցներ սահմանելու վերաբերեալ որոշումներ կու տայ եւ ճնշում կը գործադրէ, որ այդ պատժամիջոցները ամբողջ աշխարհը կիրառէ Իրանի դէմ: Մենք յստակօրէն ըսած ենք, որ այդ մօտեցումը ճիշդ չէ: Այժմ Ամերիկա Իրանի կանոնաւոր բանակը կ՛անուանէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Այս քայլը իսկապէս անհասկնալի է, քանի որ Միացեալ Նահանգները կը համագործակցի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Սուրիոյ թեւին հետ»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիա «ահաբեկչական» կառոյց կը համարէ քիւրտերու իրաւանց պաշտպանութեան համար պայքարող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, նոյն ժամանակ պնդելով, որ Սուրիոյ քրտական ուժերը, որոնք յաջողութեամբ պսակեցին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, նմանապէս «ահաբեկչական» են։

comments

Advertisement