Պէտք է Ձախողութեան Մատնել Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը. Թուրք Պատգամաւոր  

By Asbarez | Wednesday, 17 April 2019

0417Yilmaz

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Արտահանի շրջանէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած պատգամաւոր Օզթուրք Եըլմազ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերուն գծով մամլոյ ասուլիս մը տուած է, կը հաղորդէ «Թայմթիւրք» կայքը:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին, Եըլմազ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ միջոցներու ձեռնարկէ՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու քննարկումը արգիլելու եւ անոնց վաւերացման ջանքերը ձախողութեան մատնելու ուղղութեամբ:

Թուրք պատգամաւորը նշած է, որ Ֆրանսայի ու Իտալիոյ մէջ Ցեղասպանութեան հարցով տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք՝ հաւանականութիւն կայ, որ ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ բանաձեւներ վաւերացուին՝ յիշեցնելով. «Այս տարի իրավիճակը լուրջ է եւ տարբեր է նախորդ տարիներէն, քանի որ «Էս. 400»ներու, Սուրիոյ ու Կիւլենի ղեկավարած կազմակերպութեան գծով Ամերիկայի հետ տարբեր ուղղութիւններով կը շարժինք: Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ կը տիրէ բացասական մթնոլորտ»:

comments

Advertisement