By Asbarez | Tuesday, 20 December 2011
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- «Apple»ի հիմնադիր Սթիւ Ճապզի Պոլիս այցելած ընթացքին, անոր ուղեկցող զբօսաշրջային ուղեվար Ասիլ Թունճեր վերջերս թրքական լրատուական միջոցներուն յայտնած է, թէ Ճապզ թշնամի եղած է թուրքերուն, որովհետեւ ան յայտարարած է, թէ թուրքերը ցեղասպան ըրած են 1.5 միլիոն հայ:
Թունճերի խօսքով, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու (IT) ոլորտին մէջ աշխարհահռչակ Սթիւ Ճապզ, որուն յայտնագործութիւններէն կ՛օգտուին նաեւ թուրքերը, եղած է թուրքերուն թշնամին: Թունճեր յայտնած է, թէ Ս. Սոֆիա տաճարին մօտեցած ընթացքին, Ճապզ չէ կրցած զսպել իր զայրոյթը՝ տեսնելով տաճարին շուրջ մահմետական մինարէները:
«Ես անոր բացատրեցի, որ այդ մինարէները թուրքերը կառուցած են քրիստոնէական տաճարը գրաւելէ ետք, զայն մզկիթ դարձնելու համար: Այնուհետեւ ան ինծի ուղղակի հարցախոյզի ենթարկեց՝ ըսելով, թէ ի՞նչ ըրած ենք Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ բնակող միլիոնաւոր ոչ-մահմետականներուն: Դեռ բերանս չբացած՝ ան յայտարարեց. «Դուք ցեղասպանութեան ենթարկեցիք 1.5 միլիոն հայեր: Հիմա բացատրէ՛, թէ ատիկա ինչպէ՞ս եղաւ»», պատմած է Ճապզի թուրք ուղեկիցը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ