Ռուսիա Կողմ Է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ Գերիներու Փոխանակման. Լաւրով

By Asbarez | Monday, 06 May 2019

0501lavrov

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «Մենք բոլոր իրավիճակներու մէջ հանդէս կու գանք մարդասիրական քայլերու ի նպաստ, ըլլա՛ն անոնք աճիւններու փոխանակում, թէ ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու փոխանակում՝ «բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով:

Մենք կը կարծենք, որ նման մօտեցում կը նպաստէ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման, Միջին Արեւելքի, Լեռնային Ղարաբաղի թէ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելեան տարածքներուն մէջ», 30 Ապրիլին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

comments

Advertisement