Պոլսոյ Ընտրութեան Արդիւնքը Ջնջելու Որոշումին Դատապարտումները Կը Շարունակուին

By Asbarez | Thursday, 09 May 2019

0509kemal-kilicdaroglu

Քեմալ Քըլըճտարօղլու

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 7 Մայիսին, Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը կրակ ժայթքեց Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը ջնջելու ընտրական մարմինին որոշումին եւ իշխող կուսակցութեան դէմ՝ յայտարարելով, որ Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան մէջ այս պատահարը պետական հարուած է ու մեծ հարուած՝ ժողովրդավարական սկզբունքներուն։

Գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ այս որոշումին ի նպաստ քուէարկածները սեւ էջ մը գրեցին Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան մէջ, աւելցնելով, որ անոնք իրենց արարքով դարձած են «աւազակախումբ»ի մը պաշտպանները։ «Այժմ (Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած) Էքրեմ Իմամօղլու ո՛չ թէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, այլ Պոլսոյ 16 միլիոն ժողովուրդին թեկնածուն է», ըսաւ ան՝ դատապարտելով ժողովուրդին կամքը ոտնակոխող որոշումը։ «Փաստօրէն իշխող կուսակցութեան խաղի կանոնները ասոնք են՝ կրնաս մրցումի մասնակցիլ, բայց յաղթելը արգիլուած է», յայտարարեց Քըլըճտարօղլու։

Բաւական ծանր արտայայտութիւններով որոշումը քննադատեց «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեներ, որ նշեց. «Կ՛ամչնամ խօսիլ Թուրքիոյ այս վիճակին մասին։ Ասիկա ո՛չ միայն ընդդիմադիր հատուածի, այլ իշխող կուսակցութեան համակիր հաւաքականութեան նկատմամբ անարգանք ու ծանր հարուած մըն է։ Ես կ՛ամչնամ որ այս երկրին մէջ յանուն աթոռի, բոլոր իրաւունքները կ՛ոտնահարուին։ Մեզի համար անընդունելի է այս յեղաշրջումը»։

Քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու համաձայն՝ «6 Մայիս 2019ին Թուրքիոյ մէջ դարձեալ պետական հարուած տեղի ունեցաւ»։

Հետաքրքրական է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ եկած այս քննադատութիւններուն կողքին, որոշումին դէմ քննադատական խօսքեր արտասանեցին նաեւ իշխող կուսակցութեան նախկին ծանր հրետանիները, ինչպէս՝ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութողլու։

comments

Advertisement