Արսենալը Կը Քննադատէ Եուրոփաի Աւարտականը Պաքուի Մէջ Կատարելու Որոշումը

By Asbarez | Friday, 17 May 2019

0517Arsenal

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբը դժգոհ է «Եուրոփա» մրցաշարքին աւարտական մրցումը Պաքուի մէջ կատարելու որոշումէն։

Ակումբի պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ «Արսենալ»ը կը գրէ. «Հիասթափուած ենք այն հանգամանքէն, որ «Արսենալ»ի համակիրներուն կը տրամադրուին միայն 6000 տոմսեր հակառակ անոր, որ մարզադաշտին մէջ կարելի է տեղաւորել 60,000 հանդիսատեսներ: Սակայն միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որ «Արսենալ»ի նոյնիսկ 6000 համակիրները պիտի մեկնի՞ն Պաքու, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, թէ որքան բարդ է հոն ճամբորդելը։

Մեր համակիրներուն եւ մեր կողմէ կ՛ուզենք յստակացնել, թէ աւարտական մրցումներուն վայրերը ինչպէ՛ս կ՛ընտրուին եւ յոյս ունինք, որ յաջորդին նկատի կ՛առնուին համակիրներուն դժուարութիւնները եւ նման որոշում չի տրուիր»։

Նշենք, որ խումբը մտահոգ է նաեւ իր միջնապահներէն Հենրիկ Մխիթարեանի ապահովութեամբ։

Յայտնենք, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29 Մայիսին:

comments

Advertisement