Ֆրանսայի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Արցախի Հարցը Քննեցին

By Asbarez | Saturday, 18 May 2019

0518mammadyarov

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Փարիզի մէջ, 17 Մայիսին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ ԺանԻվ Լը Տրիանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ:

Ըստ երկու երկիրներու պաշտօնական աղբիւրներուն՝ կողմերը քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը:

Լը Տրիան ընդգծեց կարեւորութիւնը վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու իրագործման, որոնց շուրջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները համաձայնած էին Վիեննայի մէջ, 29 Մարտին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Լը Տրիան վստահեցուց իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին, որ Ֆրանսա՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, վճռական եւ անկողմնակալ է հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներ փնտռելու հարցին մէջ:

comments

Advertisement