Կիւլ Կը Ջանայ Տարօն Աճէմօղլուն Դարձնել Նոր Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Մէկը

By Asbarez | Friday, 28 June 2019

 

0628Daron Gul

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական լրատու կայքերու մէջ կը պնդուի, որ «հայ Արոնը նոր կուսակցութեան մը հիմնադիրներէն պիտի հանդիսանայ»։ Ո՞վ է Արոնը։ Երբ կը շարունակենք կարդալ, կ՛անդրադառնանք, որ խօսքը կը վերաբերի Տարօն Աճէմօղլուին։ Թարգմանաբար կը ներկայացնենք լրատուութիւնը, որուն մէջ երբեմն «Տարօն» գրուած է, տեղ տեղ ալ՝ «Արոն».

«Միջոցէ մը ի վեր հրապարակի վրայ զանազան առիթներով լուրեր կը շրջին այն մասին, թէ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը պատրաստուի նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու եւ վերադառնալու քաղաքական թատերաբեմ։ Կը պնդուի, որ Կիւլի հիմնելիք կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ալի Պապաճան, իսկ հիմնադիրներէն մէկն ալ պիտի ըլլայ հայկական ծագումով համաշխարհային համբաւի տէր տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու։

Կիւլ իր պաշտօնավարութեան շրջանին յատուկ մրցանակ մը յանձնած էր Տարօն Աճէմօղլուին, իսկ հիմա, երբ կ՛ուզէ նոր հիմնուելիք կուսակցութիւնը տնտեսական ոլորտի մասին յստակ ծրագիրներ ներկայացնել, կը փափաքի այդ ուղղութեամբ պատասխանատուութիւնը յանձնել Տարօն Աճէմօղլուին։

2013ին Կիւլ «Մշակոյթի ու Արուեստ»ի մրցանակ յանձնած էր Տարօն Աճէմօղլուին, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր 10 տնտեսագէտներու խումբին մէջ է»։

Նշենք, որ Տարօն Աճէմօղլու պոլսահայ բանաստեղծուհի Իրմա Աճէմեանի եւ նշանաւոր իրաւագէտ Գէորգ Աճէմեանի զաւակն է եւ ամուսնացած է պետական նախկին նախարար Իսմայիլ Էօզտաղլարի դստեր հետ։

comments

Advertisement