ԵՈՒՆԵՍՔՕն Կը Հերքէ Ատրպէյճանական Մամուլին Մէջ Արցախի Գծով Իրեն Վերագրուող Տեղեկութիւնը

By Asbarez | Thursday, 04 July 2019

0705Naghdalian

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 30 Յունիսէն 10 Յուլիս, Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43րդ նիստին, իբրեւ դիտորդ՝ մասնակցելու հրաւէր ստացած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը: Այս առնչութեամբ հայկական կողմը դիմած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕին՝ հիւրընկալող պետութենէն Հայաստանի պատուիրակութեան համար անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ ստանալու ակնկալութեամբ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ ընդհանրապէս, ազգութեամբ հայերու՝ այդ երկիր մուտքի անկարելիութիւնը, ամէնօրեայ դրութեամբ այնտեղ կատարուող հակահայկական քարոզչութիւնը եւ խտրական վերաբերմունքը հայերու նկատմամբ: Բայց Ատրպէյճան խոչընդոտեց հայկական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը նշեալ նիստին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

«Մենք այս հարցի առնչութեամբ մշտական կապի մէջ ենք եղել քարտուղարութեան հետ, եւ քարտուղարութեան կողմից մշտապէս ջանքեր են գործադրուել հիւրընկալող իշխանութիւններից հայկական կողմի համար անհրաժեշտ երաշխիքները ստանալու համար: Սակայն, ի հեճուկս գործադրուած ջանքերի, միջոցառումից երկու օր առաջ՝ Յունիսի 28ին, հայկական պատուիրակութիւնը ստացել է ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի նամակը, ըստ որի՝ Ադրբեջանն, ըստ էութեան, հրաժարուել է գրաւոր տրամադրել յաւելեալ անվտանգութեան միջոցառումներ Հայաստանի պատուիրակութեան անարգելք մուտքը երկիր եւ մասնակցութիւնը տուեալ միջոցառմանն ապահովելու համար», յայտնեց Նաղդալեան:

Ան նշեց, որ արատաւոր նախադէպ է, երբ մշակութային եւ բնական համաշխարհային ժառանգութեան ուխտի անդամ պետութիւն մը կրնայ արգելափակել այլ պետութեան մը՝ նիստին մասնակցելու իրաւունքը: «Այս առնչութեամբ Հայաստանը պաշտօնական բողոք է յղել ԵՈՒՆԵՍՔՕի ղեկավարութեանն ու անդամ պետութիւններին՝ կոչ անելով ուշադրութիւն հրաւիրել այդ արատաւոր գործելաոճի վրայ, ինչպէս նաեւ հանդէս գալ խիստ դատապարտող դիրքորոշմամբ», ընդգծեց Նաղդալեան:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Էրնեսթօ Օթոնէի յայտարարութեան, որուն մէջ ան հերքեց ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած այն յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, փորձագիտական առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Արցախ:

«Ադրբեջանական մամուլում տեղեկատուութիւն էր շրջանառւում, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալն իբր հանդէս է եկել յայտարարութեամբ՝ Արցախ փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ։ ԵՈՒՆԵՍՔՕում ՀՀ ներկայացուցիչը լուրի հրապարակուելուց յետոյ անմիջապէս կապ է հաստատել գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Օտոնէի հետ: Նա հերքել է ադրբեջանական մամուլում իրեն վերագրուող տեղեկատուութիւնը՝ Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու մասին։ Օտոնէն նշել է, որ ինքը, ի պատասխան հնչած հարցին, ընդհանրապէս խօսել է ԵՈՒՆԵՍՔՕի՝ առաքելութիւններ ուղարկելու պրակտիկայի (սովորութեան-Խմբ.) մասին եւ նշել, որ տուեալ առաքելութիւնն ուղարկելու համար անհրաժեշտ է, որ շահագրգիռ կողմերը համապատասխան դիմում ներկայացնեն ԵՈՒՆԵՍՔՕին, նաեւ նշել է, որ առաքելութեան իրականացման համար անհրաժեշտ է ապահովել անվտանգութեան միջոցներ: ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալի կողմից Արցախ առաքելութիւն ուղարկելու մասին որեւէ խօսք չի եղել: Օտոնէն նաեւ նկատել է, որ իր մեկնաբանութիւնը եղել է շատ պարզ եւ չպէտք է որեւէ տարընթերցման տեղիք տար», ամփոփեց Նաղդալեան:

comments

Advertisement