Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Զրոյց

By Asbarez | Tuesday, 09 July 2019

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան, կը հաղորդէ թրքական «Միլլիէթ» թերթը:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, շրջանային տագնապերուն եւ Լիպիոյ ճգնաժամին վերաբերող հարցեր: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ երկու նախագահները յայտնեցին, թէ իրենք կողմ են Լիպիոյ մէջ զինադադարի անյապաղ հաստատման:

Էրտողան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Փութինին՝ Պարենցի ծովուն մէջ ռուսական սուզանաւի արկածի մը ընթացքին նաւաստիներու մահուան համար:

comments

Advertisement