Թուրքերը Իրենց Ամէնէն Շատ Վտանգ Ներկայացնող Երկիրներու Շարքին Կը Նկատեն Հայաստանը

By Asbarez | Thursday, 18 July 2019

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Քատիր Հաս» համալսարանը Թուրքիոյ մէջ հարցախոյզ մը կատարած է՝ բացայայտելու համար երկրի քաղաքացիներուն համաձայն բարեկամ եւ սպառնալիք հանդիսացող երկիրները, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ Թուրքիոյ բնակչութեան 65.3 առ հարիւրը իրեն ամէնէն հարազատ երկիրը կը նկատէ Ատրպէյճանը: Հարցախոյզին մասնակցողներուն 81.3 առ հարիւրին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգները կը նկատուին Թուրքիոյ համար ամէնէն շատ վտանգ ներկայացնող երկիրը: Ամերիկային կը յաջորդեն Իսրայէլը, Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Հայաստանը:

Նաեւ, հարցախոյզին մասնակցողներուն 45 առ հարիւրը Թուրքիան կը նկատէ իսլամական երկիր, իսկ 17.6 առ հարիւրը՝ աշխարհիկ:

comments

Advertisement