Ատրպէյճան Ձեռք Բերած Է Իսրայէլական Սքայլարք Անօդաչու Եւ Բրիտանական Դիպուկահար Հրացաններ

By Asbarez | Friday, 16 August 2019

ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը ձեռք բերած է իսրայէլական արտադրութեան »Սքայլարք« (Skylark) անօդաչու թռչող սարքը:

Minval.az կայքը կը հաղորդէ, որ նորագոյն անօդաչուները 14 Օգոստոսին ցուցադրուեցան Պաքուի Պետական դրօշի հրապարակին վրայ: «Սքայլարք» անօդաչուի մշակումով կը զբաղի իսրայէլեան «Սիլվըր Էրօ» (Silver Arrow) ընկերութիւնը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Սահմանապահ ծառայութիւնը սահմանապահ զօրքերու 100ամեակին առթիւ սպառազինման մէջ ներառած է բրիտանական դիպուկահար հրացաններ:

Կայքը կը նշէ, որ տարեսկիզբին, Սահմանապահ ծառայութեան զինուորներուն մօտ, որոնք հերթապահութիւն կը կատարեն սահմանամերձ շրջաններու մէջ, նկատուած են բրիտանական Accuracy International բրիտանական AW-50 եւ AW-308 հրացաններ:

Նախօրէին տեղի ունեցած միջոցառման մը ընթացքին ցուցադրուած էին նաեւ RPA Rangemaster – 338LM հրացանները, ատրպէյճանական արտադրութեան ST-338 Yalquzaq, ամերիկեան CheyTac, զուիցերական OM-50 Nemesis, ֆինլանտական Sako TRG-22, խրուաթիական MACS, աւստրիական SSG-08 եւ SSG-M1 հրացաններ, որոնք արդէն ընդգրկուած են Սահմանապահ ծառայութեան սպառազինման կազմին մէջ:

comments

Advertisement