Քիւրտերը Կռնակէն Հարուած Կորակեն Սուրիայէն Քաշուելու Ուաշինկթընի Որոշումը

By Asbarez | Tuesday, 08 October 2019

1008SDF

ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Մինչ Սուրիա հաստատուած ամերիկեան ուժերը 7 Հոկտեմբերին սկսան անակնկալօէրն քաշուիլ հիւսիսային Սուրիայէն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն մնայուն կապի մէջ է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ՝ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զօրքերու զինուորական գործողութեան ընթացքին շրջանի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:

Յատկանշական է, որ միայն մէկ օր առաջ, Փենթակոնի ղեկավարը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ՞ իր ուժերը հեռացնել Սուրիայէն, երբ Թուրքիան լայնածաւալ ներխուժումի սկսի՝ ըսած էր. «Այժմ մենք կեդրոնացած ենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքին վրայ: Ես երկար զրոյց ունեցայ իմ (Թուրիքոյ) գործընկերոջս՝ պարոն Աքարի հետ, եւ անիկա անմիջական քննարկման նիւթ էր»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Շաբաթ օր յայտարարած էր, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ «խաղաղութեան հաստատման համար», օդային ու ցամաքային գործողութիւններ պիտի կատարէ:

«Ամբողջացուցինք պատրաստութիւնները, եւ գործողութիւնները այլեւս շատ մօտալուտ են, եւ կրնանք ըսել, որ անոնք պիտի սկսին այսօր կամ վաղը: Այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ ցուցմունքները տուինք», յայտնեց Էրտողան:

«Անոնց, որոնք մեր երկիրը ահաբեկչական կազմակերպութենէն հեռու պահելու համար մեր երեսին կը ժպտին ու դիւանագիտական խօսքերով ձգձգում կը կատարեն, կ՛ըսենք՝ խօսքը վերջ գտաւ», աւելցուց ան՝ ակնարկելով ամերիկացիներուն:

«Մեր խօսակիցներուն Եփրատի արեւելեան ափին վերաբերեալ բոլոր զգուշացումները յղեցինք, բաւական համբերատար էինք, եւ տեսանք, թէ ցամաքային ու օդային միացեալ հսկողութիւնները պարզապէս խօսքեր են», աւելցուց ան:

Քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պատասխանեցին Էրտողանին՝ յայտարարելով. «Մենք մեզ պիտի պաշտպանենք թրքական անարդարանալի որեւէ յարձակումէ։ Պիտի չտատամսինք թրքական որեւէ յարձակում սահմանին վրայ ամբողջական պատերազմի վերածելու»:

Քիւրտերը նաեւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակրպութեան դէմ Ամերիկայի պատերազմին մեծապէս նպաստած իրենց ուժերուն կռնակէն հարուած մը համարեցին Սուրիայէն քաշուելու Ուաշինկթընի անակնկալ որոշումը, որ ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Սպիտակ տան կողմէ տրուած է, հակառակ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նաարարութեանց խրատներուն։

Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, թէ իր երկիրը Անգարային փոխանցած է, որ Թուրքիոյ ապահովութիւնը երաշխաւորելու միակ միջոցը Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ իր զինեալ ուժերը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայելն է: Զարիֆ նշեց, որ Իրան պատրաստ է գործակցելու սուրիական եւ թրքական կառավարութիւններուն հետ՝ միջազգային օրէնքներուն հիմամբ լուծելու համար անոնց միջեւ եղող առկախ հարցերը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Թեհրան լրջօրէն կը հետեւի Տիգրիսի եւ Եփրատի վրայ ամբարտակներու կառուցման վերաբերեալ թրքական քայլերուն:

comments

Advertisement