Փայլան Ցեղասպանութեան Փորձ Կը Նկատէ Թուրքիոյ Ռազմական Գործողութիւնը  

By Asbarez | Friday, 18 October 2019

1018paylan

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացող քրդամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդարավարական կուսակցութեան Տիգրանակերտէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Հոկտեմբեր 17ին անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը իրականացուող ռազմական գործողութեանը: Փայլան նշեց, որ տեղի ունեցածը յստակօրէն շրջանի քիւրտերը տեղահանելու եւ անոնց դէմ ցեղասպանական արշաւ մը իրականացնելու փորձ մըն է, ըստ ՄԱԿի սահմանումներուն: «Ժողովրդագրութեան հետ խաղալը յանցանք է: Իսրայէլը եւս նման պատճառաբանութիւններ օգտագործելով կը բռնագրաւէ Պաղեստինի տարածքները», աւելցուց Փայլան:

Փայլանի այս ելոյթը բուռն քննադատութեան տեղի տուաւ, յատկապէս իշխող եւ ազգայնամոլ կուսակցութեանց երեսփոխաններուն մօտ։

comments

Advertisement