Թրքական Նորագոյն Յարձակումը Տեղահան Ըրած Է 300,000 Սուրիացիներ

By Asbarez | Friday, 18 October 2019

1018syr

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան դիտորդական խումբը արձանագրած է, որ երկրի հիւսիսը իրականացուող Թուրքիոյ ռազմական ուժերու նորագոյն գործողութեան պատճառով արդէն աւելի քան 300,000 քաղաքայիններ պարտադրաբար տեղահանուած են:

Լոնտոն հաստատուած դիտորդական խումբին տուեալներով՝ մեծ թիւով քաղաքայիններ  հեռացած են իրենց տուներէն, յատկապէս Թել Ապիատ, Քոպանի եւ Հասաքէ շրջաններէն:

Աղբիւրին համաձայն՝ տեղահանուածներուն մէկ մասը փոխադրուած է համեմատաբար աւելի ապահով վայրերու մէջ բնակող հարազատներու մօտ, իսկ շրջանին մէջ 40է աւելի դպրոցներ վերածուած են ապաստանարանի, ուր պատսպարուած են մեծ թիւով քաղաքացիներ։

comments

Advertisement