Հակառակ Կառավարութեան Խոստումներուն՝ Ցոյցերը Կը Շարունակուին Լիբանանի Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 23 October 2019

1023Lebanon-protests

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ճեզիրա».- Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, լիբանանցիները դարձեալ ուղղուեցան կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մէջ իրենց հաւաքավայրերը՝ պահանջելով ներկայ կառավարութեան եւ իշխանութեան պետերուն հրաժարականը, հակառակ այն իրողութեան, որ մէկ օր առաջ կառավարութիւնը որդեգրած էր տնտեսութիւնը բարգաւաճ դարձնելու միտումով պատրաստուած արմատական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ վաւերացուցած էր 2020ի պետական ամավարկը, որ նոր տուրքեր չէր պարունակեր։

Ցոյցերը մնացին իրենց խաղաղ ընթացքով, սակայն անոնք ժողովուրդին արտայայտած ցաւին կողքին վերածուեցան փառատօնային բնոյթ ունեցող հաւաքոյթներու, որոնց ընթացքին երգը, պարը եւ կերուխումը անպակաս մնացին:

Վեցերորդ օրն ըլլալով, բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Մեթնի, Թրիփոլիի, Հալպայի, Սուրի, Նապաթիէի, Ալէյի, Շուֆի, Պաալպեքի, Զահլէի, Արսալի, Զուքի եւ Էշրեֆիէի մէջ:

comments

Advertisement