Ալիեւ Պաշտօնազրկեց Երկու Փոխվարչապետներ

By Asbarez | Wednesday, 23 October 2019

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 21 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով  պաշտօնազրկուեցան երկու փոխվարչապետներ՝ Հաճիպալի Ապութալիպով եւ Ալի Հասանով: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ անոնք «իրենց դիմումին հիման վրայ» պաշտօնէն հեռացած են:

75ամեայ Ապութալիպով փոխվարչապետ նշանակուած էր անցեալ տարուան Ապրիլին, իսկ մինչ այդ ան 19 տարի եղած էր Պաքուի քաղաքապետը: Ան ծանօթ էր իր տարօրինակ արարքներով եւ ծիծաղելի յայտարարութիւններով: 71ամեայ Հասանով երկար տարիներ գաղթականներու հարցերով պետական յանձնաժողովի ղեկավարն էր եւ պարբերաբար Արեւմուտքը կը մեղադրէր «Հայաստանին ծախուելու» յանցանքով:

Երկու պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին Ալիեւ յստակօրէն ակնարկեց, որ կ՛ակնկալէ 70 տարեկանէն վեր պաշտօնատարները հետեւին Հասանովի եւ Ապութալիպովի օրինակին եւ հրաժարին, որպէսզի առիթ տրուի երիտասարդ սերունդին:

comments

Advertisement