Ամերիկայի Եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպում

By Asbarez | Wednesday, 30 October 2019

1030Azerbaijan-US

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսէլի մէջ, ուր անոնք կը գտնուին՝ մասնակցելու համար ՆԱԹՕի պաշտպանութեան նախարարներու նիստին: Նիստը տեղի ունեցաւ Աֆղանիստանի մէջ «Վճռորոշ օգնութիւն» առաքելութիւնը քննելու համար:

Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ, ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, հանդիպումը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

Կողմերը քննարկեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական կապերու զարգացման կարելիութիւնները եւ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը՝ զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական, ռազմական-կրթական եւ ռազմական-բժշկական ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային եւ շրջանային հարցեր:

comments

Advertisement