Անգարա Կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Ընդունումը

By Asbarez | Thursday, 31 October 2019

1031trk geno

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնը, ուր անոր բողոք յայտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Ներկայացուցիչներու տան քայլին նկատմամբ։

Նախարարութիւնը բողոքագիրին մէջ կը պնդէ, թէ բանաձեւը «պատմական ու իրաւական հիմքերէ զուրկ որոշում» մըն է, նոյն ժամանակ դատապարտելով նաեւ Սուրիա ներխուժելու Թուրքիոյ որոշումին իբրեւ հակադարձութիւն վաւերացուած երկրորդ բանաձեւը (թիւ 4695), որ պատժամիջոցներ կը սահմանէ թուրք պաշտօնատարներու եւ հաստատութիւններու դէմ։

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութենէն միայն վայերկեաններ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւս քննադատեց բանաձեւին վաւերացումը, պնդելով, որ «պատմութիւնը քաղաքական նպատակներով օգտագործելու այս ամօթալի որոշումը ոչ մէկ արժէք ունի մեր կառավարութեան եւ ժողովրդին համար»:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ  խորհրդարանը պատասխան կը պատրաստէ Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին, զայն «անօգուտ» որակելով։

comments

Advertisement