Թուրքիա Կը Սպառնայ Դարձեալ Յարձակիլ Քրտական Ուժերուն Վրայ

By Asbarez | Friday, 01 November 2019

ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ ինքնագլուխ կերպով դարձեալ յարձակիլ Սուրիոյ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն վրայ, եթէ անոնք 30 քիլոմեթրով չհեռանան Սուրիա-Թուրքիա սահմանէն:

«Մենք մեզի կը վերապահենք իրաւունքը վերսկսելու Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան, եթէ ահաբեկիչները մօտենան Թուրքիոյ սահմանին կամ շարունակեն յարձակումները Սուրիոյ որեւէ այլ շրջանէն», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա 1 Նոյեմբերէն սկեալ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ միացեալ հսկողութեան պիտի ձեռնարկեն:

comments

Advertisement