Փամուք Դարձեալ Կը Խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

By Asbarez | Thursday, 07 November 2019

1107pamuk

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի թուրք վիպագիր Օրհան Փամուք, որ այս օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կը մասնակցի գիրքի տօնավաճառի մը, բազմաթիւ ընթերցասէրներու եւ լրագրողներու հետ ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը։ Շարք մը այլ հարցերու կողքին, Փամուք խօսեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ յիշեցնելով, որ անոր մասին իր մէկ յայտարարութենէն ետք, իրեն դէմ հետապնդում սկսած էր Թուրքիոյ մէջ։ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակ ստացած հեղինակը աւելցուց, որ ինքզինք խիզախ չի նկատեր, սակայն ճիշդ կը նկատէ իր խորհածին մասին արտայայտուին։

«Գիտէ՛ք, որ ես կ՛ապրիմ այն երկրին մէջ, ուր բազմաթիւ գրողներ իրենց համոզումներուն համար բանտարկուած են։ Միակ բանը, զոր կրնամ ընել, ճշմարտութեան մասին խօսիլն է», դիտել տուաւ Փամուք։

Լրատուական աղբիւրներ կը նշեն, որ Փամուքի այդ խօսքերէն ետք դահլիճին մէջ բուռն ծափահարութիւններ հնչեցին։

Յիշեցնենք, որ 2005ին Օրհան Փամուքի դէմ սկսաւ հետապնդում, երբ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն հայեր եւ 30 հազար քիւրտեր սպաննուած են։

comments

Advertisement