Անգարա Դատապարտեց Ցեղասպանութեան Մասին Յունաստանի Նախագահին Յայտարարութիւնները

By Asbarez | Saturday, 09 November 2019

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիոս Փաւլոփուլոսի Հայաստան այցելութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնները պատճառ դարձան, որ բողոքի ձայներ լսուին Թուրքիոյ պետական շրջանակներէն։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Յունաստանի նախագահին խօսքերը եւ յայտնեց, թէ Յունաստան կը շարունակէ կանգնիլ Թուրքիոյ հակառակորդ շրջանակներու կողքին, զօրակցելով այդ պետութիւններու թրքատեաց քաղաքականութեան։

Նախարարութիւնը նաեւ կը պնդէ, թէ Թուրքիա երբեք պիտի չմոռնայ «այն վայրագութիւնները, զորս Յունաստան պատմութեան ընթացքին գործած է թուրքերու եւ օսմանցիներու դէմ»՝ աւելցնելով, որ «ներկայիս ալ Յունաստան իր երկրի թուրք փոքրամասնութեան դէմ անմարդկային քայլերու կը դիմէ»։

comments

Advertisement